2014-12-23 09:34:53

Փեռուի Եկեղեցւոյ Յիսուսի ս. Ծննդեան պատգամը` յաղթահարել եսասիրութիւնն ու ընչաքաղցութիւնը։


(Ռ.Վ. 23 դեկտեմբեր 2014) “Ծնունդը առանձնաշնորհեալ ժամանակն է բաժանելու գորովն ու վեհանձնութիւնը, ժամանակն է սերմանելու խաղաղութիւնն ու ներումը ”։ Այս բառերով Փեռուի եպիսկոպոսները իրենց ծննդեան պատգամը կ՛ուղղեն իրենց հաւատացեալներուն։ Անոնք կը յորդորեն նուաճելու խաւարը, եսասիրութիւնը ու ընչաքաղցութիւնը, օգնութեան հասնելով ուրիշներու կարիքներուն ու նպաստելով հասարակաց բարիքին։
Պատգամը կը կրէ ստորագրութիւնը Փեռուի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ` Գերապայծառ Սալվատոր Փինէյրօյ-ի։ Ան յանուն երկրի բոլոր եպիսկոպոսներուն կը խօսի ընտանիքի տագնապին մասին, որուն առաջին ու գլխաւոր պատճառն է սիրոյ պակասը։
''Ցաւով կը տեսնենք որ կան երախաներ, որոնք զրկուած են կեանքէն, ծնունդէն` անմեղ զոհեր, որոնք կը ցոլացնեն Մանուկ Յիսուսի դիմագիծը։ Ընկերութեան պարտականութիւնն է օգնել, պահպանել, պաշտպանել ու սիրել զանոնք'' կը կարդանք եպիսկոպոսներուն պատգամին մէջ ուր յիշուած են բոլոր քաղաքացիները` նաեւ անոնք որոնք կ’ապրին հայրենիքէն հեռու իրենց պարագաներուն լաւագոյն կեանք մը ապահովելու համար, բանուորները, ուսանողները, քաղաքական մարդիկն ու բարի կամք ունեցողները։
Եպիսկոպոսները բոլորէն կը խնդրեն սատարել մեծ հայրենիքի մը շինութեան, խաղասէր եւ ուշադիր տկարներու ու մոռցուածներու կարիքներուն։ Եպիսկոպոսները Ծննդեան պատգամը կեզրափակեն հետեւեալ խօսքով. ‘’Խաղաղութիւն մարդոց որ Տէրը կը Սիրէ'', որպէսզի ոչ ոք մերժուի Յիսուսի շնորհած փրկութենէն եւ չբացակայի կենաց սեղանէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.